2014-06-30 13:47:58

Վատիկանի մէջ վերջ գտաւ ''Roaco''` Արեւելեան եկեղեցիներու ի նպաստ կաթողիկէ բարեսիրական մարմիններու ժողովը` յառաջ ընթանալ հակառակ բոլոր խոչընդոտներու։


Ռումանիոյ եւ Ուկրանիոյ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցիներու` ընդհանուր համապատկերի ներկայացումով, հինգշաբթի 26 յունիսին, վերջ գտաւ Roaco` Արեւելեան եկեղեցիներու ի նպաստ կաթողիկէ բարեսիրական մարմիններու 87-րդ լիանիստ ժողովը, որուն աշխատանքները սկսած էին` 23 յունիսին, Վատիկանի մէջ։
Ռումանիոյ Քլութի-Կերլա թեմի առաջնորդ` Գերապայծառ ֆլորանդան Գրիհալմանու, ներկայացնելէ ետք Ռումանիոյ աշխարհաքաղաքական ընդհանուր պատկերը, անդրադարձաւ Յոյն օրթոտոքս եւ լատին կաթողիկէ երկու եկեղեցիներու յարաբերութեան մասին, ընդգծելով համամիութենական գետնի վրայ ցայժմ արձանագրուած դրական զարգացումները։
Աւելի բարդ է Ուկրանիոյ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ կացութիւնը, նկատի առնելով նաեւ` երկրին քաղաքական տագնապը։ Ուկրանիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աւագ եպիսկոպոսապետ` գերերջանիկ Շեվչուք, մատնանշելէ ետք որ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցին այս տարի կը վերակոչէ իր պաշտօնական գրանցումին 25-րդ տարեդարձը, մտավախութիւնը յայտնեց ներկայ կացութեան մասին, ակնարկելով թէ ներկայ Ուկրանիան կարող է ետ քայլ ընել ու մերժել Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ գրանցումը։ ''այս մէկը ողբերգական հետեւանք կրնա ունենալ մեր եկեղեցւոյ համար'' ըսաւ գերապայծառ Շեվչուք։ Իր կարգին Ուկրանիոյ մօտ Վատիկանի դեսպան` գերապայծառ Թովմաս Կուլիքսոն անդրադարձաւ Ուկրանիոյ ընկերաքաղաքական իրավիճակի մասին։
Միւս կողմէ Ս. Երկրի Պահակ` ֆրանչիսկեան հայր Փիցապալլան, գոհունակութիւն յայտնեց այս տարուայ Ս. Երկրի ի նպաստ կատարուած դրամահաւաքին համար, մանրամասն տեղեկութիւններ ներակայացնելով հաւաքուած գումարի գործածութեան մասին։ Հուսկ խօսք առաւ Իսրայէլի, Պաղեստինի եւ Կիպրոսի առաքելական դեսպանը, գերապայծառ Լածարոթթօն, ժողովականներուն պարզելով Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն ապարած բարդ կացութիւնը եւ յոյս յայտնելով որ Վատիկանի մէջ կայացած աղօթքի հանդիպումը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Իսրայէլի ու Պաղեստինի նախագահաներու մասնակցութեամբ, մօտ ապագային մէջ արդիւնաբեր պտուղներ պարգեւէ։
Յայտնենք որ հինգշաբթի, 26 յունիսի առաւօտեան, վերոյիշեալ ժողովի մասնակցիները հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.